Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները եկան մտահոգիչ հարցականներ գծելու սահմանազատման եւ սահմանագծման այս անհարկի եւ արագ հոլովոյթին շուրջ, որ զուրկ է իրաւական ըլլալէ, որովհետեւ յատուկ կանոնակարգի բացակայութեան կատարուեցաւ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածները պիտի նկարագրուին մինչեւ Մայիս 15 ստորագրուելիք համաձայնութեան մէջ, ապա անոնք պիտի համարուին վերջնականապէս սահմանազատուած եւ սահմանագծուած