ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ մասին մտածել, գրել կամ խօսիլ կը համարուի հերետիկոսութիւն, միամտութիւն, կողմնապաշտութիւն, կամ թշնամութիւն՝ երկրին եւ անոր ղեկավարութեան դէմ: Աւանդական հաւատաքննողներ կան (ինկիվիզիտորներ) քիչ մը ամէն տեղ, մանաւանդ համացանցի անդուռ տարածութեան մէջ կ’աղմկեն: Միշտ կը մտածեմ, որ ՄԷԿ ըսինք, ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ըսինք, խանդավառուեցանք, կանգ առինք եւ մնացինք կոտորակներ: Համահայկական ժողովներ գումարեցինք, զանոնք շփոթեցինք հայրենասիրական զբօսաշրջութեան հետ: