Երէկ՝ Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը՝ քննարկելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր ծանր հետեւանքները: Սոյն հանդիպումին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը եւ անոնց ներկայացուցիչները: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.