Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմը ամբողջ տարածաշրջանը ներքաշեց աննախընթաց տարողութեամբ բռնկումի: Նպատակակէտը, ուրեմն, Իրանի ամբողջական վերափոխումն է, տարածաշրջանին մէջ իր ունեցած դերակատարութեան շրջադարձելով: Նաեւ չինական բեւեռի ձեւաւորման գլխաւոր առանցքակէտ մը չէզոքացնելով: Հետեւաբար, միայն իսրայէլեան օրակարգով չէ, որ կը բացատրուին նորագոյն այս պատերազմին հանգամանքները եւ անպայման Իսրայէլի գերակայութեան չեն յանգիր այս ռազմարշաւին հետեւանքները: Վաղաժամ է անշուշտ այս