Յիսուս ըսել կ՚ուզէ, թէ ով որ մարդոց կողմէ փառք ստանալու համար է որ ողորմութիւն կ՚ընէ, եւ ընելէ ետք՝ կը ստանայ փառք ու պատիւ, ալ իրեն տրուելիք ուրիշ վարձատրութիւն չի մնար։ Աստուած չի փառաւորեր մէկը որ մարդոց կողմէ տրուած փառքը աւելի՛ կը նախընտրէ, քան՝ Աստուծմէ տրուած փառքը (Յհ 12.43)։