Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2025-ին, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր զոյգ տօներուն առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր տարեկան այցելութիւնը շնորհեց «Արամ Ա. Կաթողիկոս» Հայագիտական Հիմնարկին: Սոյն այցելութեան առիթով ի մի հաւաքուած էին Հիմնարկի ուսուցչական կազմն ու ուսանողութիւնը: Վեհափառ Հայրապետին ժամանումէն ետք, Հիմնարկի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց