ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը այսօր՝ 13 մարտին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը․ «Եւրոպական դատարանը այսօր 523 թեր, 3 դէմ եւ 84 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց «Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի բարձրաստիճան քաղաքական ներկայացուցիչներու ապօրինի ձերբակալութիւնը եւ անոնց դէմ շինծու դատավարութիւնները» խորագիրով բանաձեւը՝ դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ պահանջելով անոնց