Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք.Միրիաթեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի եւ պր.Ապտօ Մուսալլիի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցաւ Ս.Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմնի ատենապետ Ժան Պապլանեան: Երեսփոխանները թեմակալ առաջնորդին հետ զրուցեցին երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, մանաւանդ անցնող օրերուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի սպառնացող վտանգին եւ նահանգի գաւառներուն մէջ ընթացող ռազմական