Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, միութեան միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջ-դիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղուեցան Եռաբլուրի