Երկու անկապ նիւթեր, սակայն Պաքուի բռնապետը կապ մը գտած է, այդ ալ ի՜նչ կապ։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշեց խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպել Սեպտեմբեր 1-ին, որպէսզի յոխորտանքով ներկայանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Պաքու ժամանելիք ներկայացուցիչներուն, որոնք Նոյեմբեր 11-22-ին պիտի մասնակցին կլիմայի փոփոխութեան հարցերով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան միջազգային համաժողովին (COP29): Ալիեւ ցոյց պիտի տայ, թէ որքա՜ն ժողովրդավարական