Աշխարհահռչակ է Արթըր Միլըրի (1915-2005) «Կամուրջէն դիտուած» («A View from the Bridge») թատերախաղը, որ հոգեբանական բարդ կացութիւններ եւ ընտանեկան վատառողջ վիճակներ կը ներկայացնէ. միտք բանին այն է, թէ խիստ կարեւոր ու առաջնահերթ է ընտանեկան օճախներ զգաստ պահելը, երբեք չկաշկանդել զաւակներուն ազատութիւնը: Թատերախաղը կը պատկերէ Նիւ Եորքի Պրուքլին կամուրջին մօտ ապրող ընտանիքի մը պատմութիւնը: Պրուքլինն ու