Քաղաքական սակարկութիւններուն մէջ փոխադարձ զիջում հասկացողութիւնը գործադրելի կ՛ըլլայ, երբ կողմերը պատրաստ են զիջումներու, որպէսզի սեղանին դրուած խնդիրները եւ հարցերը լուծուին։ Փոխադարձ զիջումները ծանր գին ունին, որոնք սակայն կը նպաստեն, որ տարակարծութիւններու պատճառ դարձած հարցեր լուծուին եւ ամբողջական հանգուցաքակում տեղի ունենայ՝ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծմամբ։ Այս բովանդակութեան մէջ ալ պէտք է շեշտել, որ միակողմանի զիջում կը նշանակէ