Յուլիս 13-ին, Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Գորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։ Սառա Գորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ամերիկայի Կարմիր Խաչի բուժքոյր եղած է։ 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief) կողմէ գործուղուած է Փոքր