Սրբազան պայքարը Բագրատ սրբազանին բերնով բանաձեւեց 3 հիմնական պահանջներ։ 1) Առաջին հերթին վերջ տալ սուտի ու կեղծիքի տիրապետութեան՝ ներկայ իշխանութեան հրաժարումով, 2) Մասնագէտներէ բաղկացած նոր կառավարութեան կազմութիւն, եւ 3) Նոր ընտրութիւններ, որոնց պիտի չմասնակցին նոր կառավարութեան անդամները։ Կարեւոր է շեշտելը, թէ պայքարը նաեւ իր շուրջ համախմբեց նախկին դիւանագէտներ, արտաքին գործոց նախարարութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնք