Օրերէ ի վեր բոլորս անձկութեամբ կը հետեւինք մեր հայրենիքի մէջ կատարուող դէպքերուն, խոր մտահոգութեամբ լսելով սահմանազատման գործընթացի մասին։ Ինչպէս յայտնի է, Տաւուշի մարզի չորս սահմանամերձ գիւղերու Ատրպէյճանին յանձնելու քայլերը ցոյց կուտան, թէ անվերապահ յանձնուողականութեան քաղաքականութիւն որդեգրուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, ընկրկելով ատրպէյճանական ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն առջեւ։ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ «Տաւուշը յանուն