Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Թորոնթոյի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղին, Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» զօրակցական ժողովրդային հաւաք, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածաին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեանի եւ Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ՀՅԴ