Կրկին թեւակոխած ենք 24 Ապրիլի շաբաթը, որ իր կարգին հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օրն է։ Համավարակի տարիներուն կամքին անկախ կերպով առցանց դրութիւնով կայացող յիշատակման միջոցառումները յաջորդող տարիներուն ալ արժանացան Իսթանպուլի կուսակալութեան յարուցած արգելքներուն։ Ինչպէս նախորդ տարիներ այս տարի ալ սոյն միջոցառումներու գլխաւոր կազմակերպիչ «ՏուրՏէ» հարթակը պատկան իշխանութիւններուն դիմում կատարած է 24 Ապրիլ Չորեքշաբթի, երեկոյեան 19.15-ին Քատըգիւղ