Ուրեմն այդպէս՝ Հանրապետութիւնը ինկաւ, բայց բոլշեւիկները «պարտաւորուած» ստեղծեցին նոր հանրապետութիւն: Ուրեմն ի՞նչ, բոլշեւիկները չտապալեցի՞ն Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը, անոնք Կարմիր բանակի հետ նորաստեղծ Ազրպեճան կոչուած տարածնքերէն Հայաստան չներխուժեցի՞ն, քեմալական թուրքերուն հետ Հայաստանի ու հայութեան դէմ չհամագործակցեցա՞ն, անկախ պետութեան հիմնադիր սերունդը չբանտարկեցի՞ն, չհալածեցի՞ն, չգլխատեցի՞ն.